Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Այս օրերուն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի ամէնէն թէժ նիւթը նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ասուլիսն էր, որուն ընթացքին ան պատասխանեց Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջարկներուն:

«Երկիրն այսօր» հաղորդումի «արդեօք այս երկխօսութիւնը ի՞նչ կ՛ենթադրէ: Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք Յովհաննէսեանի առաջարկներուն» հարցումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան կը կրկնէ իր նախկին առաջարկները՝ կատարել նոր նախագահական ընտրութիւններ, ինչպէս նաեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այս երկու առաջարկները մերժուած են: Մնացեալ առաջարկները որոշ չափով նման են Դաշնակցութեան մօտեցումներուն, սակայն ոչ այն ձեւով, որ ներկայացուած է Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջարկներուն մէջ:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, «Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հանգրուանային ձեւով կարելի է հասնիլ իշխանափոխութեան: Մենք մեծ հոլովոյթի սկսանք Ազգային ժողովի նախագահին մօտ, երբ տեղի ունեցան խորհրդակցութիւններ, եւ մենք կ՛ուզէինք, որ իշխանութիւնները զիջումներ կատարեն:

Մենք երեք կէտեր առաջարկած էինք՝ ընդդիմութեան լծակներ տրամադրել, կառա- վարման համակարգը փոխել՝ անցնելով խորհըրդարանական համակարգի եւ այդ նոր խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել այդ նոր համակարգին հիման վրայ:

Ա. Ռուստամեան ըսաւ, որ այս առումով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կատարած առաջարկը առնուած է Դաշնակցութեան մօտեցումէն: «Սակայն մենք նկատի չունէինք իշխանութեան մէջ գործադիր պաշտօններ, այլ իշխանութիւնը զսպելու եւ հակակշռելու պաշտօններ եւ համապատասխան լծակներ»:

Ըստ Ռուստամեանի ընդհանուր առմամբ կայ մօտեցում Դաշնակցութեան եւ Յովհաննէսեանի առաջարկներուն միջեւ՝ գտնելու հանգրուանային լուծումներ: Յովհաննէսեանի երկրորդ առաջարկն է իշխանութիւնը լուծել ժողովուրդի հետ, եւ ասիկա Դաշնակցութեան մօտեցումին այլ ձեւակերպումն է՝ կամաց-կամաց հասնիլ ժողովրդային իշխանութեան հաստատման:

«Մենք վստահ ենք, որ «ամէն ինչ եւ հիմա» տարբերակը պիտի չյաջողի. ատիկա պիտի տանի յուսալքութեան: Երկրորդը՝ առճակատման տարբերակն է, որ մեզի համար անընդունելի է: Այս երկուքին միջին տարբերակը ամէնէն երկար պայքար պահանջող տարբերակն է, բայց հաստատուն է եւ արդիւնաւէտ»: