Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արծուիկ Մինասեանի Կոչը Արտաքին
Գործոց Նախարարութեան

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան խորհրդարանին մէջ յայտարարութիւններու ժամուն յայտնեց, որ Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի ստեղծումը Ատրպէյճանի մէջ յարձակումի մրրիկ յառաջացուցած է,

եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնած ծաւալուն հոլովոյթը պէտք է արժանի հակահարուած ստանայ ոչ միայն Հայաստանի ու Լիթուանիոյ խորհրդարաններէն, այլեւ իրենք իրենց ժողովրդավար նկատող պետութիւններուն կողմէ:

«Դատապարտելով Ատրպէյճանի գործունէութիւնը՝ կոչ կ՛ուղղենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործնական դարձնէ Լիթուանիոյ Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի ստեղծումը, եւ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ կան, Արցախի հետ նման խըմբակներու ստեղծման նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է գործադրէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը անկասելի ըլլայ», նշեց Մինասեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա արժանի պատասխան պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին: