Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը Ուրբաթ, Մարտ 22ին միաձայն ընդունեց Հայաստանի նախաձեռնած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը։

Խորհուրդի 22րդ նըստաշրջանին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Աշոտ Յովակիմեան յայտնած էր, թէ անոր վաւերացումը ապահովելու համար Հայաստան պատրաստակամ է համագործակցելու բոլոր պատուիրակութիւններուն հետ: Ժընեւի մէջ այդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, փոխ նախարարը հանդիպումներու շարք մը իրագործած էր։