Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ազատութեան» հրապարակին վրայ, անցնող շաբաթավերջին, «Ժառանգութեան» առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայացուց նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղուած իր գրաւոր «վերջին» առաջարկները:

Ր. Յովհաննէսեան ՀՀ նախագահին ուղղուած իր նամակին մէջ արձանագրած է, որ «կէս ճանապարհին էլ պատրաստ է հանդիպել եւ յաղթահարել այս ճգնաժամը, ու դրա համար սպասում է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քայլի»:

Կ՛առաջարկուի երկու տարբերակ, որոնցմէ մէկը նախագահական արտակարգ նոր ընտրութիւններու կայացումն է:

«Բայց եթէ նա (նախագահը) գողացուած եւ կեղծուած ընտրութիւններով հանդերձ ուզում է շարունակել պաշտօնավարել՝ որպէս դէ ֆակտօ նախագահ, այդ հնարաւորութիւնը պէտք է տանք», ներկաներուն դիմելով յայտնած է Ր. Յովհաննէսեան։

Միւս տարբերակը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութեան կայացումն է՝ այս տարուան ընթացքին: «Սակայն մինչ այդ պէտք է բարեփոխուի ընտրական օրէնսգիրքը՝ սահմանելով ընտութիւններ միայն համամասնական ընտրակարգով: Պէտք է փոխուեն նաեւ ընտրական յանձնաժողովները, ինչպէս նաեւ հրապարակուեն հանրապետութիւնից բացակայողների ցուցակները», ըսած է ան:

Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն, երկրէն բացակայողներուն համար պէտք է մշակել դրութիւն մը՝ ապահովելով անոնց մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն: Հակառակ պարագային, պէտք է բացառել անոնց բացակայութեան օգտագործումով ընտրութիւններու կեղծումը:

Նախագահէն կ՛ակնկալուի նաեւ, որ ան պաշտօնանկ ընէ առնուազն 5 մարզպետ եւ անոնց փոխարէն նշանակէ ժողովուրդին փափաքով եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմէ ներկայացուած թեկնածուները: Պէտք է պաշտօնանկ ըլլան նաեւ կարգ մը քաղաքապետներ եւ գիւղապետներ, այլ պաշտօնեաներ, որոնք կը նպաստեն ընտրակեղծարարութեան:

Կառավարութեան եւ այլ ծառայութիւններէն Րաֆֆի Յովհաննէսեան կ՛ակնկալէ ժողովուրդին կողմէ առաջարկուած եւ անձամբ իր ներկայացուցած անձերուն մէջ տեսնել հետեւեալ ոլորտներու ղեկավարներ՝ գլխաւոր դատախազութիւն, հարկային եւ մաքսային վարչութիւն, ազգային անվտանգութիւն, արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, արդարադատութեան նախարարութիւններ, Ազգային ժողովի վերստուգիչ պալատ եւ արդարադատութեան խորհուրդ:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ Է ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԻՆ

Սերժ Սարգսեան երէկ պատասխան նամակ յղածէ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին, յայտնելով թէ առաւել կողմ է ընդառաջելու անոր որոշ պահանջներուն, բայց ոչ այն «տեսքով» ու չափով, որ Ռաֆֆին նշած է իր նամակին մէջ: Ան պիտի առաջարկէ որոշ պաշտօններ ստանձնելու պարագային անպայման վերջ դնել ընդդիմադիր պայքարին եւ այդ մասին յայտարարութիւն ընել: