Print
Category: Հայաստան-Արցախ


Ըստ ազերի իրաւապշտպան Մեհտիեւի խօսքերուն (ինչպէս կը վկայակոչէ «Ենի Մուսավաթ» թերթը), Նախիջեւանի մէջ հանրային լարումը գագթնակէտին հասած է։ Աշխատատեղիներու թիւի զանգուածային նուազումը պատճառ դարձած է ինքնավար հանրապետութենէն բնակչութեան արտագաղթին։

Նախիջեւանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, իր օրապահիկը շահելու համար կը մեկնի դէպի Պոլիս եւ Իգդիր։ Կան ուրիշներ ալ որոնք կը մեկնին Ռուսաստան եւ Իրան։
Ըստ Մեհտիեւի, Նախիջեւանի մէջ կեանքը այլեւս անտանելի դարձած է։ «Սղութիւնը կը խեղդէ մեզ։ Վառելիքի գինը հասած է մէկ տոլարի։ Մարդոց թոյլ չի տրուիր մթերք բերել Թուրքիայէն։ Մքսաւորները կը տուգանեն նոյնիսկ 1 քիլօ հաւու միսը։ Այդ պատճառով, աղքատ բնակչութիւնը դրամ շահելու համար կը փախչի դէպի այլ երկիրներ» ըսած է ան։