Պոլսոյ հայկական օրաթերթ «Մարմարա» կը հաղորդէ թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու տնօրէն Հաքան Տողանայ «Սթար» թերթին մէջ հրատարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ պահպանումի ու ապագայ վերանորոգութեան ծրագիր մը կը պատրաստուի՝ Անիի աւերակներու նշանաւոր եկեղեցիներէն՝ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ համար։
Ան ըսաւ, որ այս եկեղեցին Անիի մէջ կանգուն մնացած 21 յուշարձաններէն մէկն է, որ 1954 թուականին կայծակի մը հետեւանքով երկուքի բաժնուած էր։
Կայծակի հետեւանքով տարտղնուած քարերը թուագրուած են ու թանգարանի մը մէջ կը պահուին։ Վերանորոգութեան ընթացքին այդ քարերը թուագրութեան համաձայն պիտի դրուին իրենց նախկին տեղերը։ Եկեղեցին ունի 33 մ. ու 33 սմ. բարձրութիւն, սիւն չունի եւ ունի միակ գմբէթ մը։ Ըստ Տողանայի՝ այս եկեղեցին վնասուած է մերձակայ քարահանքերու աշխատանքին հետեւանքով։ Վերանորոգութեան ծրագիրները քիչ մը երկար կը տեւեն, որովհետեւ նախապէս պէտք է ստացուի շրջանային պահպանութեան խորհուրդներու հաւանութիւնը։
«Եթէ Թուրքիա մտնէ Համաշխարհային ժառանգութիւններու ցանկին մէջ, այն ատեն հոս տեսնուող բոլոր գլուխ-գործոցները ամբողջ աշխարհի սեփականութիւնը պիտի նկատուին», եզրակացուց Տողանայ։
ԱՆԻՆ՝ 43.657 ԱՅՑԵԼՈՒ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 2012ին
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած գրութեան մը, 2012ին՝ 43.657 հոգի այցելած է Անի, ինչ որ գրեթէ կրկնապատիկն է նախորդ տարուան (23.400):
Կարսի Մշակոյթի եւ զբօսաշըրջութեան վարչութեան տնօրէնը՝ Հաքան Տողանայ կ'ըսէ, թէ ընդամէնը գլխաւոր 21 պատմական գանձեր կան Անիի մէջ: Ըստ իրեն՝ Անին կարելի է նկատել սառցակոյտ մը, քանի՝ զայն փորելու պարագային, շատ բաներ կան յայտնաբերելիք:
Ան նաեւ համոզում յայտնած է, որ պեղումներու աւարտին, Անիի շրջանը պիտի դառնայ Թուրքիոյ զբօսաշրջական ամենէն ժողովրդական վայրերէն մին: