Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային ժողովը իր առաջին իսկ նիստին ընթացքին պէտք է օրակարգէն  հանէ  հայ-թրքական արձանագրութիւնները. «դա հրատապ հարց է, նոյնիսկ մեր այդ քայլն ուշացած է» խօսքերով արտայայտուեցաւ NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին  ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեանը:

Իր  խօսքերուն համաձայն, հայկական կողմը պէտք է շտապ քայլեր ձեռնարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւններէն իր ստորագրութիւնը ետ վերցնելու ուղղութեամբ՝  ամբողջ պատասխանատուութիւնը դնելով Թուրքիոյ վրայ:
«Հայաստանն իր ստորագրութիւնը պէտք է վաղուց հետ վերցրած լինէր, յատկապէս  այն ժամանակ, երբ թուրքական կողմը յայտարարում կամ երկկողմ յարաբերութիւնների կարգաւորման նախապայման էր դիտարկում ղարաբաղեան հարցը: Սա բաւական լուրջ հիմք էր, որպեսզի Հայաստանը չեղեալ յայտարարէր իր ստորագրութիւնը»,- ամփոփեց Հրայր Կարապետեանը:
Նշենք, որ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ  Թուրքիոյ  խոր-հըրդարանի  օրեր առաջ առնուած որոշման լոյսին տակ, որ անվաւեր կը հռչակէր  նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու  ամրապնդման մասին արձանագրութիւնները, որոնք ստորագրուած էին  2009թ. Հոկտեմբեր 10-ին Ցիւրիխի մէջ  երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի եւ Նալբանդեանի միջեւ: