Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը:

Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, պաշտօնատար այլ անձեր, հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ: Ներկայ էր նաեւ ՀՀ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը:
Ներկաներուն ուղղած իր խօսքով Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի տնօրէն գերշ. Տէր Նաթան արք. Յովհաննիսեանը նշեց, որ Յակոբ Յակոբեանի կորուստը շատ մեծ ցաւ էր ամբողջ հայութեան համար: Ան հանգուցեալի հարազատներուն եւ ամբողջ հայ ազգին փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի վշտակցութիւնը: «Յակոբ Յակոբեանը սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն էր: Մարդկային կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը կ'անցնի ու կ'երթայ պատմութեան գիրկը, սակայն կան մարդիկ, որոնց ապրած ամէն մէկ վայրկեանը յաւերժ կը մնայ պատմութեան եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ: Այդպիսի մարդ էր նաեւ Յակոբ Յակոբեանը, որ իրմէ ետք գալիք սերունդներուն հսկայական ժառանգութիւն կը ձգէ»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ըսաւ Տէր Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:
Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Մարտ 9-ին 90 տարեկան հասակին վախճանեցաւ մեր ժամանակներու մեծագոյն գեղանկարիչ,  ՀՀ ժողովրդական նկարիչ, ՀԽՍՀ  պետական կրկնակի մրցանակակիր, ՀՀ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանակիր, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Մեսրոպ - Սուրբ Սահակ շքանշանակիր, Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի Յակոբ Տիգրանի Յակոբեանը: Երէկ կէսօրուայ ժամը 12:00-14:00-ին, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Յակոբեանին վերջին հրաժեշտը, եւ  յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ Կոմիտասի  պանթէոնին մէջ։