Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արձագանգելով նախանցեալ օր Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպման ընթացքին նախագահ Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորական խօսքին, որուն մէջ Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեան աւելի քան 60 առ հարիւր քուէ ստացած է,

երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ռուսերէնով հակադարձեց, թէ պարոն Փութին կը սխալի:

«Ռազմավարական գործընկերութիւնը այդպէս չըլլար: Հայ ժողովուրդը կը պահանջէ իսկական ռազմավարական կարելիութիւն, որ հիմնուած չէ սուտի, կեղծիքի եւ վախի վրայ, ժողովուրդին ձայնը գողնալու վրայ, այլ նոյնինքն ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ‘ իր եւ մեծ Ռուսիոյ համագործակցութեամբ», յայտարարեց ընդդիմադիր գործիչը:

Ռուսիայէն ետք նախագահ Սարգսեան պիտի մեկնի Պրիւքսէլ, ուր պիտի մասնակցի եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին: Հայաստանի նախագահին գլխաւորած Հանրապետական, ինչպէս նաեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ղեկավարած Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները կ՛անդամակցին Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ): Կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենս արդէն շնորհաւորած էր Սերժ Սարգսեանը վերընտրուելուն առիթով: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին‘ Րաֆֆի Յովհաննէսեան սուր քննադատութեան ենթարկեց Մարթենսին‘ չբացառելով, որ Ժառանգութիւնը պիտի քննարկէ անդամակցութիւնը դադրեցնելու կարելիութիւնը:

Յովհաննէսեան յայտնեց, որ այս շտապողական գնահատականը տալով‘ Մարթենս խախտեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահի իր գործառոյթները: «Եթէ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը կեղծիքի ճամբով պիտի քալէ, Ժառանգութիւնը եւ ես ընդհանուր որեւէ բան չունինք այդ կուսակցութեան հետ», յայտնեց Յովհաննէսեան:

Ըստ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, Ուիլֆրիտ Մարթենս պէտք է ոչ միայն վերատեսութեան ենթարկէ իր այս մօտեցումը, այլեւ իր գլխաւորած կուսակցութեան անդամակցող միւս կուսակցութիւններուն պատասխան տայ իր վարքին համար: «Բայց մինչ այդ մենք բոլոր ջանքերուն պիտի նախաձեռնենք, որ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը հաւատարիմ մնայ իր սեփական չափանիշներուն եւ արժէքներուն»:

Ժառանգութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Սերժ Սարգսեան ստեղծած են փակուղին: Ան պնդեց, որ այլեւս օրակարգին վրայ չեն գտնուիր Սերժ Սարգսեանի կատարուած իր առաջարկները‘ այժմու ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուան ճշդել, խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել եւ ընտրակեղծարարները պատժել: Յովհաննէսեան նշեց, որ այս երեք առաջարկները մերժուեցան եւ ինք այլեւս որեւէ առաջարկ չունի: