Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՍԴ կը յայտարարէ թէ որեւէ հիմք չկայ ընտրութիւններու արդիւնքը խախտելու համար

Րաֆֆի Յովհաննիսեանը երէկ 12 Փետրուարին, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անգամ մը եւս կրկնեց որ ինք պատրաստ է հանդիպելու նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ եւ իր հետ քննարկելու յետընտրական զարգացումները:

Ան ըսաւ թէ 1995 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ չէ եղած ժողովրդական իշխանութիւն, աւելցնելով թէ ինք յոյս կը կապէ Սահմանադրական դատարանի որոշման հետ: «Իրական պատկերը ներկայացնելու եզակի հնարաւորութիւն ունի ՍԴ եւ կրնայ նախադէպային վճիռ հրապարակել» ըսաւ ան:

Մինչ այդ, ՍԴ կը շարունակէ քննել Ր. Յովհաննիսեանի եւ Անտրէաս Ղուկասեանի դիմումները: Հակառակ որ ՍԴ նախագահը նշած է թէ որեւէ հիմք չկայ ընտրութիւններու արդիւնքը խախտելու համար, յստակացուցած է թէ օրէնքով սահմանուած ժամկէտով պիտի աւարտի գործի քննութիւնը՝ այսինքն վաղը առաւօտեան: