«Հայաստան» հիմնադրամը Շիրակի մարզի Բավրա գիւղին մէջ համայնքային կենտրոն կը կառուցէ:
Կեդրոնի երկյարկանի շէնքին մէջ կը տեղակայուին գիւղապետարանը, հանդիսութիւններու սրահը, գրադարանը եւ համակարգչային սենեակը: Կառուցուած է շէնքի հիմքը, ինչպէս նաեւ առաջին յարկի երկաթպեթոնէ սիւները: Եղանակային պայմանները բարելաւելուն պէս աշխատանքները կը վերսկսին:
Վրաստանին սահմանակից այս գիւղը ունի 570 բնակիչ: Հիմնական զբաղմունքն այստեղ անասնապահութիւնն է:
Նշենք, որ Հեռուստամարաթոն 2012-ի ծիրէն ներս հաւաքուած միջոցները այս տարի գլխաւորապէս կþուղղուին համայնքային կեդրոններու կառուցման: