Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածուներ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Անդրիաս Ղուկասեանի դիմումներու գործով քննութիւնը ընդմիջուեցաւ Սահմանադրական դատարանին մէջ:

Արդարեւ, Անդրիաս Ղուկասեան դատարանին ներկայացուց ընտրախախտումներու վերաբերեալ աղիւսակներ, զորս չէր կցած դիմումին: Սահմադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան առաջարկեց նիստը ընդմիջել ու զայն յետաձգել 12 Մարտին, որպէսզի կարելի ըլլայ ներկայացուած տուեալները սերտել։

Անդրիաս Ղուկասեան նշած է, որ այդ աղիւսակները պատրաստած է իր անձնական ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ՝ օգտուելով Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքէջին վրայ տեղադրուած տեղեկատուութենէն։

Նշենք, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը սկսած է նախագահական նախկին թեկնածուներ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Անդրիաս Ղուկասեանի՝ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի թիւ 62 Ա. որոշումը վիճարկելու վերաբերեալ դիմումներու միաւորուած քննութիւնը:

Քննութիւնը տեղի կ՛ունենայ բանաւոր ընթացակարգով: Անդրիաս Ղուկասեանը անձամբ կը ներկայացնէ իր դիմումը: Իբրեւ պատասխանող կողմ՝ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը լիազօրած է ԿԸՅի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը, ԿԸՅի քարտուղար Արմէն Սմբատեանը եւ իրաւաբան Նունէ Յովհաննիսեանը: Յարակից պատասխանողներ նշանակուած են դատախազութենէն եւ ոստիկանութենէն: Սերժ Սարգսեանի լիազօր ներկայացուցիչներն են Հայաստանի արդարադատութեան նախարարը եւ Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեանը: