ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական կացութեան պատճառով մեծ թիւով սուրիացիներ ժամանակաւորապէս հեռացան Սուրիայէն։ Անոնցմէ քանի մը հազար գաղթական հաստատուեցաւ Հայաստան։
Պետութեան կողմէ ի գործ դրուող օժանդակութեան նախաձեռնութիւններուն զուգահեռ, սուրիացիներուն օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ նաեւ «Առաքելութիւն Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կը գործակցի ՄԱԿի Գաղթականներու հարցով գերագոյն յանձնակատարին (UNHCR) հետ: Բացի ատկէ, «Առաքելութիւն Հայաստան»ի աշխատակիցները դիւրութիւն կու տան սուրիացի գաղթականներուն՝ օգտուելու առողջապահական ծառայութիւններէն եւ անոնց անհրաժեշտ խորհրդատուութիւն կ՛ապահովեն:
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը կ՛աջակցի «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան գործունէութեան՝ Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն համար կազմակերպուող մարդասիրական օգնութեան նպատակով տրամադրելով 20 հազար եուրօ:
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորելը եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան նախագահ Հռիփսիմէ Կիրակոսեանը 1 Մարտին Գերմանիոյ դեսպանատան մէջ հանդիսաւորապէս ստորագրած են աջակցութեան վերաբերող համաձայնագիր։