Նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքները վիճարկող՝ ընդդիմադիր առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը երէկ Կիրակի օր հրաւիրած հանրահաւաքէն յետոյ յայտարարեց, թէ հացադուլ կը սկսի Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։
«Եթէ Ապրիլ 9-ին Սերժ Սարգսեանը կեղծ երդում տայ սուրբ Աստուածաշունչին վրայ, եթէ վեհափառ հայրապետը պղծէ Աստուածաշունչը, օրհնելով ժողովրդին հակասող, հալածող, ծաղրող, խեղող թեկնածուին, դա իրենք կ'անեն իմ դիակի վրայ», - ըսաւ Ր. Յովհաննիսեանը։ «Մարտ 31-ը Սուրբ Յարութեան օրն է՝ Զատիկն է։ Ես մինչեւ Մարտ 31-ը, եւ դրանից յետոյ՝ մինչեւ Ապրիլ 9-ը, եթէ իրենք ուժը չգտան իրենց մէջ, ես պիտի աղօթեմ նրանց համար։ Մինչեւ սիրոյ, տղամարդկութեան, մարդկայնութեան եւ իմաստութեան պահը, ես յայտարարում եմ մեր հրապարակում հացադուլ»։