Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսի հանդիպումը:

Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Լիթուանիոյ հետ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ ընդգծեց, որ ատիկա պայմանաւորուած է շարք մը հանգամանքներով. Լիթուանիան առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց 1991 թուականին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջին միջպետական համաձայնագիրը ստորագրուած է Լիթուանիոյ հետ: Էդուարդ Նալբանդեան աւելցուց, որ բարձր մակարդակով յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները մեծապէս կը նպաստեն տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան խթանման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւան այցելելու հրաւէրին համար՝ Լինաս Լինքեւիչուս գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ վերջին տարիներուն աշխուժացած համագործակցութեան առնչութեամբ եւ ընդգծեց լիթուանական կողմին պատրաստակամութիւնը զանոնք աւելի ամրապնդելու եւ ընդլայնելու վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին նախարարները զրոյց ունեցան հայ-լիթուանական յարաբերութիւններու բազմաթիւ հարցերուն վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուեցաւ 2011 թուականին Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէի այցելութիւնը Հայաստան եւ քննարկուեցաւ նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: