Print
Category: Հայաստան-Արցախ

2013 թ. Մարտ 4-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում «Վրաստանի Հայ Համայնք»ի վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ Վրաստանի մէջ իշխող «Վրացական Երազանք - Դեմոկրատական Վրաստան» կոալիցիայի քաղաքական քարտուղար պրն. Սոզար Սուբարիի միջեւ:

Հանդիմպան նաեւ ներկայ էր Վրաստանի Պառլամենտի պատգամաւոր՝ Ռուսլան Պօղոսեանը եւ կուսակցութիւնը ներկայացնող այլ անձեր:

Հանդիպման հիմնական նպատակն էր՝ նոր կառավարութեան ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել վիրահայութեան խնդիրներու մասին մեր տեսակէտը, առաջարկել տուեալ խնդիրներու լուծման ուղիները, եղանակներ. Իմանալ անոնց տեսակէտը եւ համագործակցելով գալ ընդհանուր յայտարարի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրի կառավարման գործընթացին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու (հայերու) մասնակցութեան նիւթը. միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթական համակարգով առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին մէջ, Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրման եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանաչման հնարաւորութեանը վերաբերուող հարցեր:

«Վրաստանի Հայ Համայնքը» կակնկալէ համապատասխան քայլեր կառավարութեան կողմէ, որը խթան կը հանդիսանայ վիրահայութեան խնդիրներու լուծման գործով:

«Վրաստանի Հայ Համայնք»-ի
մամուլի ծառայութիւն