Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, "Նիուզ".- 3 Մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ժագ Ֆորի (Ֆրանսա) եւ Իան Քելիի (Ամերիկա) հետ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի հետ։

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, քննարկուած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է վստահութեան ամրապնդման վերաբերող միջոցներուն առնչութեամբ եռանախագահներուն կողմէ նախորդ հանդիպումին ներկայացուած առաջարկներուն: Համաձայնութիւն կայացած է յառաջիկային համանախագահներուն տարածա- շրջան կատարելիք այցելութեան մասին: Էդուարդ Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութեան յանձնած է, որ Փարիզի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ համանախագահներուն միջեւ կայացած նախորդ երկու հանդիպումներուն ընթացքին որդեգրուած մամլոյ հաղորդագրութիւնները ատրպէյճանական կողմը ոչ միայն չհրապարակեց, այլեւ արդէն բնորոշ դարձած իր ոճով, ներկայա- ցուց քննարկուած հարցերուն հետ առնչութիւն չունեցող հաղորդագրութիւններ: Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ ատրպէյճանական կողմը մերժէ եռանախա- գահներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկները, իսկ աւելի ուշ մտահոգութիւն յայտնէ բանակցային գործընթացին վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է, որ Հայաստան համանա- խագահներուն հետ պիտի շարունակէ ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախընդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով: Նշենք, որ Մարտ 2ին, համանախագահները առանձին հանդիպում մը ունեցած էին Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովին հետ: Համանախագահները այս հանդիպումներէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ուր տեղեկացուցած են յառաջիկային տարածաշրջան այցելելու կապակցութեամբ կողմերու միջեւ կայացած պայմանաւորուածութեան մասին: