Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մարտ 3-ին, նախագահի նախկին թեկնածու, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ  Րաֆֆի Յովհաննիսեանը եւ իր շտապի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը հանդիպած են Հ.Յ.Դ. ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեանի եւ Արմէն Ռուստամեանի հետ:

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ թէ քննարկուած են երկրէն ներս  ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամի հետ կապուած հարցեր, ինչպէս եւ անկէ դուրս գալու ուղիները: