ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Յենարան», «Իմետիա».- 28 Փետրուարին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցական հանդիպում՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են յետընտրական իրավիճակը խորհրդարանի շրջանակներուն մէջ արծարծելու եւ քննելու ձեւաչափը:
Ժառանգութիւն եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները ներկայացուցած են իրենց պահանջները, որոնց համաձայն, կ՛առաջարկուի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել, անցում կատարել համամասնական ընտրակարգի եւ վերահսկողական լծակները աւելցնել։ Նշենք, որ այս կէտերը հրապարակած է Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը։
Հանդիպումէն ետք Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ այնքան ատեն որ բանակցութիւնները ճշգրիտ արդիւնքի կամ եզրայանգումի չեն հասած՝ անոնց արդիւնաւէտութենէն մեկնելով զերծ կը մնայ որեւէ մեկնաբանութենէ։ Ան նշած է, որ եթէ յաջողին համաձայնութիւն գոյացնել՝ «դրանից կը շահի թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ պետութիւնը»:
Արձագանգելով լրագրողներուն այն տեսակէտին, որ արդեօք զայրացա՞ծ դուրս եկած է Յ. Աբրահամեանին սենեակէն՝ Ռուստամեան նկատել տուած է, որ ատիկա կապ չունի նիւթին հետ: «Համաձայնութեան հնարաւորութիւն կայ: Այդ երեք կէտերի շուրջ քննարկումները կը շարունակուեն այնքան ժամանակ, մինչեւ հասնենք եզրայանգման», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:
Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան յայտնած էր, թէ լաւ կ՛ըլլայ, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ճիշդ կերպով օգտագործէ զինք ընտրած 539 հազար քաղաքացիներուն ձայները եւ հանդէս գայ ողջմիտ առաջարկներով, մասնաւորապէս, որոշ բնագաւառներու մէջ պաշտօններ պահանջելով:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ եթէ Յովիկ Աբրահամեանի առաջարկած ձեւաչափը ընդունուի, արդեօք ՀՅԴն պիտի մասնակցի՞ անոր՝ Ռուստամեան նշած է. «Դա ամբողջական փաթեթ է, որը մենք ենթադրում ենք ունենալ ու դրանից առանձին բաներ հանելը, նշանակում է, որ բանակցութիւնները հասել են աւարտին, հասել ենք եզրայանգման ու կամ էլ կանգնել ենք ոչ թէ ամբողջական տեքստի վրայ, այլ դրա մի երկու կէտերի վրայ: Դա ճիշդ չէ, որովհետեւ այն ինչ մենք ներկայացրել ենք ամբողջական լուծում կը տայ ստեղծուած իրավիճակի հետ առաջացած խնդիրներին»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թղթածրարը իշխանափոխութիւն կ՛ենթադրէ՞՝ ան ըսած է. «Փաթեթն աւելի լուրջ բաներ է ենթադրում, իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւններու ընթացքի վերանայում»:
Կառավարութեան կազմին մէջ «Ժառանգութեան» անդամներուն ընդգրկուելուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Ա. Ռուստամեան դիտել տուած է, որ ինք այդ մէկը չի կրնար բացառել, քանի որ կրնայ հաստատ խօսիլ միա՛յն իրեն հետ կապ ունեցող հարցերուն մասին։
Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանը իր կարգին լրագրողներուն հետ զրուցելով յայտնած է. Ժառանգութիւն եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնների կողմից խորհրդարանական մեծամասնութեանն արուած պահանջների վերաբերեալ դեռեւս վերջնական համաձայնութիւն չկայ»։
«Մեր առաջարկած երեք կէտերի շուրջ քննարկումները շարունակւում են, բայց դեռ վերջնական համաձայնութիւն չկայ: Բնականաբար, այդ կէտերում կան վիճելի հարցեր, բայց քանի դեռ բանակցութիւնները չեն աւարտուել, ինչ-որ բան ասելը դեռ վաղ է», Ռ. Յակոբեան՝ չմանրամասնելով, թէ որոնք են այդ վիճելի կէտերը:
Ան շեշտած է նաեւ, որ իրենք ճիշդ չեն նկատեր կառավարութեան մաս կազմելու հարցը: «Մենք նման քննարկում չենք ունեցել, եւ այդ հարցը ողջամիտ չենք համարում»: