Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ներկաներուն առաջարկեց ձեռք բարձրացնելով քուէարկել, թէ արդեօք համաձա՞յն են, որ ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկուին Սահմանադրական դատարանին մէջ:
Սակայն, հրապարակին մէջ հաւաքուած քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ այս նախաձեռնութեան:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան վստահեցուց, որ միշտ պիտի հարցնէ հրապարակին վրայ հաւաքուած մարդոց կարծիքը, թէեւ չ՛երաշխաւորեր, որ իբրեւ կանոն համաձայն պիտի գտնուի քաղաքացիներուն հետ, բայց պատրաստ է բանավիճելու: