Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան պատարագը տեղի պիտի ունենայ 11 Սեպտեմբերին: Այս մասին, ըստ «Տողան» գործակալութեան, Վանի մէջ յայտարարած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Արամ Աթէշեան յոյս յայտնած է, որ պատարագի արարողութիւնը պիտի անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ եւ առանց որեւէ խնդիրի:
«Անցեալ տարի որոշ բողոքներ եղան այն պատճառով, որ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուած չէր: Այս տարի խաչը տեղադրուած է եւ որեւէ խնդիր չկայ: Յոյսով ենք, որ ամէն ինչ պիտի անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ»,- ըսած է արքեպիսկոպոս Աթէշեան` տեղեկացնելով նաեւ, որ պատարագին մասնակցելու համար որեւէ պաշտօնական հրաւէր պիտի չըլլայ:
Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգուած է 2007ին: Միայն երեք տարի անց՝ պաշտօնական Անգարան թոյլատրեց տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել եկեղեցւոյ մէջ: Առաջին պատարագը մատուցուեցաւ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ձեռամբ անցեալ տարուան 19 Սեպտեմբերին: Սակայն եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը տեղադրուեցաւ պատարագէն մօտ տասը օր անց: