ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 8ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 13-21 Հայաստանի մէջ կայանալիք Համահայկական 5րդ խաղերուն՝ ֆութպոլի եւ ֆութզալի մրցաշարերու վիճակահանութիւնը:
Ֆութզալի մրցաշարին կը մասնակցին 22 խումբեր. ըստ քաղաքներու՝ խումբերը բաժնուած են ենթախումբերու։
ՀՀ սփորթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան Մասայական սփորթի եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան քաղաքականութեան վարչութեան պետ Եղիշէ Դաւթեանի տեղեկութիւններով, կը համակարգուի մրցումներու նախապատրաստման աշխատանքը:
Ե. Դաւթեան նշեց, որ Երեւանի, Արտաշատ եւ Աբովեանի բոլոր մարզադաշտերը ու մայրաքաղաքի մարզական համալիրները լիովին պատրաստ են մրցումներուն: Մինչեւ մրցաշարի պաշտօնական մեկնարկը՝ Օգոստոս 13, դեռ որոշ խումբեր պէտք է ժամանեն, բայց մասնակիցներէն շատերը արդէն Երեւանի մէջ են:
Անոր խօսքով, այս խաղերը մարզասէրներուն բազմաթիւ հետաքրքրական պահեր պիտի պարգեւեն. տարուէ տարի Համահայկական խաղերը աւելի գրաւիչ, հետաքրքրական կը դառնան: Խաղերը կը նպաստեն ոչ միայն Հայաստան-Սփիւռք կապերու հաստատման եւ զարգացման, այլեւ հայրենիքին՝ Սփիւռքի երիտասարդութեան ծանօթացման ու նոր ընտանիքներու ստեղծման: «Նախորդ խաղերին Երեւանում իրար ճանաչած հայ երիտասարդները կազմել են ութ ընտանիքներ», ըսաւ ան։