Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկուայ իր նիստին ընթացքին Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը որոշեց, որ Հայաստանի մէջ Փետրուար 18ին իրագործուած ընտրութիւններուն յաղթեց գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգըսեանը: Որոշման կողմ քուէարկեցին ԿԸՅ-ի բոլոր եօթ անդամները:

ԿԸՅ-ն արձանագրեց թէ Սերժ Սարգսեանը ստացած է քուէներու 58,64 տոկոսը, Րաֆֆի Յովհաննիսեանը՝ 36.74 տոկոսը։ Մնացեալ հինգ թեկնածուները չեն յաղթահարած 5 տոկոսի սահմանագիծը։

Ընդդիմադիր թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ներկայացուցիչները 118 տեղամասերու մէջ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու դիմումներ ներկայացուցին։ Անոնք բոլորը մերժուեցան, իսկ վերահաշուարկ կատարուած է 3 ընտրատեղամասերու մէջ, հակառակ որ «Ժառանգութիւնը» վերահաշուարկի բազմաթիւ այլ դիմումներ ալ ներկայացուցած է:

 

ԿԸՅ Մերժեց Յովհաննէսեանի Ներկայացուցիչին Դիմումը

ԿԸՅ մերժեց Հայաստանի նախագահի թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի լիազօր ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեանի դիմումը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրանցումը անվաւեր ճանչնալու պահանջով դատարան դիմելու մասին, քարոզարշաւի ընթացքին ծախսուած գումարներու գծով: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան նշեց, որ դիմումը պէտք է ներկայացուէր մինչեւ քուէարկութեան օրը: