ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի գրասենեակէն ներս հանդիպում տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, ԼՂՀ Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանի եւ SILBA «Աջակցութիւն ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան նախաձեռնութեան համար» կազմակերպութեան նախագահ, Դանիայի Թագաւորութեան խորհրդարանի իրաւական խորհրդատու Ջենս-Քրիստիան Լյութխենի հետ: Այս կազմակերպութիւնը դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնէ Ուքրանիոյ, Պելառուսի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ արդէն մէկ տարի է, որ նոյն աշխատանքը կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ:
Պարոն Լյութխենը հանդիպումներ ունեցաիւ ԼՂՀ քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան քաղաքական, ԼՂՀ արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ կապուած հարցեր: