Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ընտրութիւններու արդիւնքով  երկրորդ հանդիսացած Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը երէկ ելոյթ ունեցաւ «Ազատութեան»  հրապարակին վրայ վերսկսած հանրահաւաքին ընթացքին, շեշտելով թէ ժողովուրդը վճռած  է եւ ինք պիտի չհեռանայ հրապարակէն մինչեւ Սերժ Սարգսեանի ժամանումը։

Ռ. Յովհաննիսեան յայտնած է թէ պիտի մնան հրապարակ մինչեւ կէսօրուայ ժամը 14:00։
Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթներ ունեցան տարբեր անձնաւորութիւններ։ Հաւաքի ընթացքին, Րաֆֆի Յովհաննէսեան յիշեցուց, որ այդ օրը Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակն է: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը յաղթանակած ժողովուրդ է: Այնուհետեւ, ան ժողովուրդին դիմելով՝ հարց տուաւ, թէ պատրա՞ստ են մինչեւ յաղթանակ պայքարելու, թէ կարճ՝ «1-2 ժամանոց» հանրահաւաքով կրնան բաւարարուիլ: Ստանալով դրական պատասխան, թէ երկարաժամկէտ պայքարի կողմնակից են անոնք՝ Յովհաննէսեան ողջունեց այդ որոշումը՝ յայտարարելով. «Ես էլ եմ պատրաստ»:
«Միջազգային դիտորդները թող գրեն ի՛նչ ուզում են, նրանց շարքում կան եւ ազնիւ եւ ծախուած մարդիկ, բայց ժողովրդի ճակատագիրը պէտք է որոշի հէնց ժողովուրդը», ըսաւ ան շեշտելով, որ ինք հպարտ է երկրի պաշտօնեաներով եւ ոստիկաններով, սակայն՝ «եկել է ժամանակը հասկանալու, որ նրանք այլեւս չպէտք է կատարեն անօրինական հրամաններ, այլ՝ միայն իրենց անմիջական պարտականութիւնները» ըսաւ ան: