Երէկ մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրուեցաւ, Հայաստանի մէջ կատարուած նախագահական ընտրութիւններու կապակցութեամբ։
Միջազգային դէտերը, յատկապէս ԵԱՀԿի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի դիտորներու հրաւիրած ասուլիսին ժամանակ՝ խումբ մը ակտիվիստներ մուտք գործեցին, ընդմիջելով մամլոյ ասուլիսը եւ բողոքի իրենց յայտարարութիւնը կարդալով բարձրաձայն։