Ռաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, թէ հակառակ կառավարութեան բոլոր խոստումներուն եւ յանձնառութիւններուն, նախագահական ընտրութիւնը ազատ չընթացաւ:
Կրկնեց իր այն պնդումները թէ իշխանութիւնները պետական միջոցները կը չարաշահեն թեկնածու Սարգսեանի վերընտրութիւնը ապահովելու համար: «Ժառանգութեան» բանբերը՝ Յովսէփ Խուրշուդեան, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Յովհաննէսեանի որմնազդերը յաճախ կը պատռեն: Այդուամենայնիւ, իր գոհունակութիւնը յայտնած է Ոստիկանութեան արագ միջամտութիւններուն մասին: Հայաստանեան հանրային կարծիքին մէջ վիճարկումի նիւթ դարձած է նաեւ Ռ. Յովհաննէսեանի կողմէ Ս. Սարգսեանի մասին արտայայտուած որոշ գովասանքները. օրինակ, այն մասին թէ ան ղարաբաղեան հերոս մըն է, եւլն.: «Առաւօտ» փորձած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանէն ճշդել ատոր պատճառը: Ան պատասխանած է. “Ռաֆֆի Յովհաննիսեանն այն կերպարն է, որ ճշմարտութիւնը, եթէ կարող է ի վնաս իրեն գալ, ինքը կ’ասի այդ ճշմարտութիւնը: Ես չեմ ասում՝ դա լաւ է, թէ վատ: Ես ասում եմ, որ դա փաստի արձանագրումն է: Ասել միայն վատը՝ դա ազնիւ չէ: Ազնիւ չէ նաեւ չասել, որ ունենք մենաշնորհներ, ստուերային տնտեսութիւն, արտագաղթ”:
ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ՈՐ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՉԳՆԱՑ
Նախագահութեան թեկնածուներէն, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան ալ ընտրութիւնը անօրինական որակելով, Փետրուար 18ին չգնաց քուէարկելու: Ըսած է, թէ պիտի բողոքէ ընտրութեան արդիւնքներուն դէմ, նոյնիսկ եթէ յաղթականը Սերժ Սարգսեանը չըլլայ: Ան կը պնդէ, որ ընտրողներու ցանկերուն վրայ արձանագրուած քաղաքացիներուն կէսէն աւելին կ’ապրի երկրէն դուրս, ինչ որ այս ընտրութեան օրինականութիւնը խնդրականացնելու իր գլխաւոր դրդապատճառն է: