Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ կայ 99 տարեկանէն վեր 196 ընտրող, նաեւ կայ 17 հասցէ, ուր արձանագրուած են աւելի քան 100 ընտրողներ:

Ընտրացանկերուն մէջ առկայ 10,773 հասցէով հաշուած է 10 եւ աւելի ընտրող: Առանց բնակութեան հասցէի 5715 ընտրող կայ, 49,843 ընտրողներուն պարագային չկան ծննդեան օրուան եւ ամսուան տուեալները:

Այս տուեալները ներկայացուցած է «Թրենսփերընսի ինթերնեյշնլ հակակոռուպցիոն կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կը պայքարի կաշառակերութեան դէմ:

Կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վարուժան Հոկտանեանը լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ այդ թիւերէն կարելի է յայտնաբերել որոշ ռիսքեր, բայց կարելի չէ խախտումներ երեւան հանել։