Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը (ԿԸՅ) արտակարգ թափով աշխատեցաւ վերջին օրերուն, կանոնակարգելու համար ընտրութիւններու կապուած հարցերը։ Ընտրատարածքային ու տեղամասային յանձնաժողովներուն տրուեցան վերջին յանձնարարականները։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ,
նախապատրաստութիւն տեսած են նաեւ կանոնակարգելու համար հեռուստաընկերութիւններու աշխատանքը եւ արդէն հաւատարմագրուած լրագրողները, որ շարունակ փոխանցումներ պիտի կատարեն նախագահի թեկնածուներու ձայներու եւ տուեալներու մասին։
ԿԸՅ քարտուղար Արմէն Սմբատեանը խոստովանեցաւ թէ այս քարոզարշաւը այնքան ալ բուռն չէր, ինչ որ հնարաւորութիւնը տուաւ յանձնաժողովին լաւ ձեւով նախապատրաստուելու։ Սմբատեան յայտնեց թէ ԿԸՅ-էն դէպի ընտրատարածքային, անկէ ընտրական, ապա տեղամասային յանձնաժողովներուն մօտ արդէն ուղարկուած են ցուցակները իսկ յանձնաժողովականները գումարած են իրենց վերջին նիստը:
Երէկ կանուխ առաւօտեան ընտրատեղամասեր ուղարկուեցան քուէաթերթիկները, ապա նիստ գումարեցին պատասխանատուները ու նախապատրաստուեցան քուէարկութեան համար։
Հոգ տարուած է որպէսզի դիւրանայ նաեւ տեսողական խնդիրներ դիմագրաւող հայրենակիցներու մասնակցութիւնը, Պրայղ այբուբենով պատրաստուած քուէաթերթիկներով ինչպէս եւ խոշորացոյցերով:
Այսօր 18 Փետրուարի երեկոյեան կ'աւարտի ընտրութիւնը. ինչպէս յայտնի դարձաւ Կեդրոնական ընտրականը քուէարկութենէն 10 ժամ յետոյ պիտի ամփոփէ նախնական արդիւնքները:
Նախընտրական քարոզարշաւի վերջին օրը թեկնածուները ամփոփեցին իրենց 28օրեայ ընտրապայքարը, գոհունակութիւն յայտնելով իւրաքանչիւրը իր ունեցած ընթացքին, բայց ոչ՝ հակառակորդներուն համար։ Նշելի է թէ թեկնածուներէն ոմանց ծրագրին կարելի չեղաւ ծանօթանալ, այլ ընտրարշաւը կայացաւ հիմնականօրէն քարոզչական միջոցներու վրայ։