Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի հիւսիսը հարաւին կապող «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք ներդրումային ծրագրի» Աշտարակ - Թալին հատուածի վերակառուցման եւ շինարարութեան աշխատանքներու նախապատրաստական փուլը սկսաւ Փետրուար 14-ին:

Ճանապարհի շինարարութեան վայրին մէջ, Դաւթաշէն եւ Կաթնաղբիւր համայնքներուն միջեւ, լրագրողներու հետ տեսակցութիւն ունեցաւ ծրագրի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արա Յովսէփեանը, որ գործի տուեալները փոխանցեց։

«Նպատակ կայ մինչեւ 2017 թուականի կէսը Արտաշատ-Երեւան-Թալին-Գիւմրի հատուածին մէջ ունենալ լայնացուած, քառուղի, պեթոնէ ծածկով երկկողմանի ճանապարհ: Մօտաւորապէս 30-40 վայրկեանով պիտի կրճատուի Երեւանէն Գիւմրի ճանապարհի երթեւեկութեան ժամանակը»,- ըսաւ տնօրէնը:

Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագրի Աշտարակ-Թալին հատուածի շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2016 թուականի Մարտ 31-ին: Ճանապարհի երկարութիւնը շուրջ 42 քիլոմեթր է: Շինարարութեան արժէքը 210 միլիոն տոլար:

Հիւսիս-հարաւ փոխադրային միջանցքը միջազգային բարձր չափորոշիչներու հիմամբ՝ պիտի ապահովէ Հայաստանի, Վրաստանի տարածքներով ելք դէպի Սեւ ծով եւ այնուհետեւ դէպի եւրոպական երկիրներ: