Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան բաւականաչափ համարձակութիւն պիտի չունենայ հարուածելու Ստեփանակերտ թռչող քաղաքացիական օդանաւերը:

Արմէն Ռուստամեանը նշեց, որ Պաքու շատ լաւ կը հասկնայ իր սպառնալիքներուն սնանկութիւնը եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները գիտեն, որ օդանաւերու ոչնչացումը կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ Ալիեւի վարչակազմին վրայ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ հայկական կողմը իր կարգին պէտք է ամուր կանգնի իր դիրքերուն վրայ, միջազգային հանրութեան բացատրէ, որ Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործումը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժի անկապտելի իրաւունքին օգտագործումն է:

Ըստ Ռուստամեանի, Պաքուի հակամարդասիրական եւ սադրիչ յայտարարութիւնները կասկածի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղին լայն ինքնավարութիւն տրամադրելու եւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ արժանապատիւ գոյատեւում ապահովելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Պաքուի նման խոստումները Ռուստամեան առասպել նկատեց: