Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Փետրուար 12ին տեղի ունեցած է «Զինեալ հակամարտութիւններու ընթացքին քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը» խորագիրով բաց քննարկում մը:

Մօտ 12 ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած եւ ելոյթներով հանդէս եկած են ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը եւ բազմաթիւ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ ՄԱԿի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը: Ելոյթ ունեցողները խստօրէն դատապարտած են աշխարհի որեւէ շրջանի մէջ անհամաչափ ուժի կիրառման միջոցով բնակչութեան դէմ յարձակումները:

ՄԱԿի մօտ դեսպան Կարէն Նազարեանը անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ նախապէս կատարուած անպատասխանատու յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է, թէ ժամանակը եկած է, որ այդ անփոփոխ հռետորաբանութիւնն ու սին մեղադրանքները փոխարինուին կառուցողական քայլերով, որոնք նպաստաւոր միջավայր պիտի ստեղծեն հարցի խաղաղ կարգաւորման համար: Դեսպանը ըսած է, թէ Ատրպէյճան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ այն անձերը, որոնք իրականացուցած են Սումկայիթի եւ Խոջալուի սպանդը: