Անտրէաս Ղուկասեանը երէկ յայտարարեց թէ երեք շաբաթէ ի վեր շարունակուող իր հացադուլը պիտի դադրեցնէ Փետրուար 20-ի առաւօտեան. պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս եւ նախագահի թեկնածուն պիտի խօսի յառաջիկայ իր ընելիքներու մասին:
Արդէն 24 օր շարունակ հացադուլի մէջ եղող թեկնածուն «Ազատութիւն» ռատիոկայանին յայտնեց թէ լուրջ գանգատներ դեռ եւս չունի: Թեկնածուն այսուհետեւ կը հրաժարի խօսելէ իր առողջական վիճակի մասին:
Պատասխանելով լրագրող հարցումին, եթէ Փետրուար 18-ին պիտի կարողանայ երթալ ընտրատեղամաս եւ մասնակցիլ քուէարկութեան, Ղուկասեանը պատասխանեց.- «Քուէարկութեանը մասնակցեմ, թէ ոչ, քաղաքացիներին ուղղուած իմ ուղերձը կ'անեմ Փետրուարի 16-ին: Հիմա մենք ուսումնասիրում ենք բոլոր տարբերակները, նայում ենք թէ ինչպէս է փոփոխւում իրադրութիւնը»:
Նոյն պահուն նշենք թէ մնացեալ նախագահական թեկնածուները կը շարունակեն իրենց շրջապտոյտները մարզերէն ներս։ Գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը երէկ Գեղարքունիքի մարզը այցելեց, ուր ժողովուրդին խօսելով ըսաւ թէ «մեր ներկայացուցածը աշխատանքային ծրագիր է». Ռաֆֆի Յովհաննիսեան Արմավիր գտնուեցաւ. ան ժողովուրդին խօսելով յայտնեց թէ վստահ է թէ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան։ Մելիքեանը իր կարգին անօրինական հռչակեց ընտրութիւնները եւ կոչ ուղղեց իրեն ի նպաստ քուէարկելու։