
Յունաստանի խորհըրդարանի երկու անդամներ Մարիա Եանաքաքի եւ Թերենս Քուիք դիտորդական առաքելութեամբ ներկայ պիտի գտնուին Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն։
Երէկ առաւօտուն Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանը այցելած Փիրէայի ընտրաշրջանի երեսփոխանուհի տիկին Մարիա Եանաքաքի Եւրոպայի Ապահովութեան Խորհուրդի կողմէ ստանձնած է իր առաքելութիւնը, մինչ Թերենս Քուիք՝ ԵԱՀԿի կողմէ։