Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Պոլսոյ քաղաքի Սամաթիա թաղամասին մէջ հայ կիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւնները դատապարտող երթ, որ կազմակերպուած էր «Երիտասարդ դիւանագէտների ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:

«Միջազգային հանրութիւնից ակընկալում ենք կոշտ դատապարտում եւ համապատասխան գնահատական տեղի ունեցող գործողութիւնների եւ Թուրքիայի իշխանութիւնների կրաւորական կեցուածքի նկատմամբ», ըսած է «Երիտասարդ դիւանագէտների ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սերոբ Գէորգեանը:

Նախաձեռնութեան միացած ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան նշած է, որ տեղի ունեցածը հետեւանք է Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու եւ չդատապարտելու երեւոյթին, ուստի իրենց երթով կը պահանջեն միջազգային կառոյցներէ՝ խստօրէն արձագանգել տեղի ունեցածին։

Երթի մասնակիցները Թուրքիան եւ կրաւորական կեցուածք որդեգրած միջազգային հանրութիւնը դատապարտող կոչերով ու հայրենասիրական երգերով Հանրապետութեան հրապարակէն ուղղուեցան Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակ եւ բաց նամակ յանձնեցին կազմակերպութեան ներկայացուցիչին:

Ինչպէս ծանօթ է վերջերս Թուրքիոյ մէջ յաճախակի դարձած են տարեց հայ կիներու դէմ իրականացուող բռնութիւնները, որոնցմէ տուժած է հինգ կին: