Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Փետրուար 8ին Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձած է Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ եւ Կովկասի տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ ընտրուելուն, ինչպէս նաեւ խօսած է հայաստանեան քաղաքական ներքին կեանքին մասին։

Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ եւ Կովկասի տարածաշըրջանային յանձնախումբի համանախագահ ընտրուելուն մասին ան յայտնած է. «Ընտրութիւնը կատարուեց միաձայն, դէմ չկար, թրքական Սոցիալիստական կուսակցութիւնը քուէարկութեան ժամանակ ներկայ չէր, հաւանաբար դահլիճից դուրս էր եկել»։

Ըստ Յովհաննիսեանի, կայ աւելին: Դաշնակցութեան առաջարկով Վրաստանի մէջ վերըստեղծուած ընկերվարական կուսակցութիւնը ընտրուած է որպէս դիտորդ, իսկ Ատրպէյճանի մէջ գործող Ընկերվար-ժողովըրդավարական կուսակցութիւնը կորսնցուցած է իր դիտորդի կարգավիճակը, քանի որ իրականութեան մէջ այդպիսի կուսակցութիւն գոյութիւն չունի:

Նման միջազգային կառոյցներ Հայաստանին ի՞նչ կրնան տալ հարցումին պատասխանելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը դիտել տուած է, որ քաղաքական նման ընտանիքներ մեծ դերակատարութիւն ունին աշխարհի մէջ. ընկերվարական կառոյցներ կարելի է ծառայեցնել Հայաստանի զարգացման, բայց այդ չի նշանակեր, որ միջազգային նման կառոյցներ պէտք է օգտագործել մեր թերութիւնները ծածկելու համար: «Ես գործնական հանդիպումներ եմ ունեցել ափրիկեան երկու սոցիալիստական երկրների ղեկավարների հետ, որոնք կարող են օգտակար լինել մեր պետութեան համար»:

Թրքական ընկերվարական կուսակցութեան հետ կապերու վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, որ ինք հայերէնի դասագիրք տուած է այդ կուսակցութեան պատգամաւորներուն։

Ինչ կը վերաբերի ներքաղաքական կեանքին, ապա ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի համաձայն, երկրին մէջ քաղաքական գործընթաց չկայ, կայ միայն ընտրութիւններ կոչուող բան մը: «Եւ եթէ այդ միջոցառումը քաղաքական գործընթացի վերածել հնարաւոր չէ, մասնակցութիւնն անիմաստ է: ՀՅԴն խոստովանել է, որ ներկայ պահին չի կարող դա անել», նշած է Յովհաննիսեան։

Դաշնակցական քաղաքական գործիչը անհանգստութիւն յայտնած է նախագահական թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեանի առողջական վիճակին գծով, որովհետեւ ան 20 օրէ ի վեր հացադուլ կը կատարէ. ան աւելցուցած է, որ վերջինիս առած քայլերը կը միտին անարդարութիւնը ցոյց տալու. Անդրէաս Ղուկասեան ընտրած է հացադուլի տարբերակը, իսկ Դաշնակցութիւնը չմասնակցելով՝ այդ նպատակը կը հետապնդէ: Վահան Յովհաննիսեանի համաձայն, Ղուկասեան քաղաքական ճիշդ դիրքորոշում որդեգրած է: Մեկնաբանելով այն տեսակէտը, որ ընտրութիւններուն չմասնակցիլը իշխանութեա՞ն, թէ ժողովուրդին ուղղուած ապտակ է՝ Յովհաննիսեան յայտարարած է, որ ժողովուրդին ապտակ հասցնել անկարելի է, կարելի է միայն բացատրել ժողովուրդին, որ իր ձայնը վաճառելով, ան աւելի վատ պայմաններու մէջ պիտի ապրի: «Բայց մարդիկ չեն ցանկանում կիրառել իրենց ձայնի ուժը, իսկ մենք չենք կարող նրանց ստիպել: Ես չեմ ցանկանում, որ դուք մտածէք, թէ ՀՅԴն դադարեցրել է պայքարը: Պարզապէս մենք համարում ենք, որ այդ փուլում դա անիմաստ է: Մենք ցանկանում ենք, որ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները դէմ առ դէմ մնան եւ լաւ միմեանց ծանօթանան», ընդգծած է ան՝ աւելցնելով, որ ինչպէս իշխանութիւնը, այնպէս ալ Հայաստանի հասարակութիւնը հիւանդ է:

Քուէարկութեան չմասնակցելու կոչերը Վահան Յովհաննիսեանը սխալ կը նկատէ՝ աւելցնելով, որ ինք անձամբ պիտի երթայ ընտրելու եւ պիտի քուէարկէ բոլոր թեկնածուներուն օգտին, բացի իշխանութեան թեկնածուէն՝ այդպիսով քուէաթերթիկը անվաւեր դարձնելով:

Միասնական թեկնածու ունենալու կարելիութեան մասին խօսելով՝ Վ. Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ ատիկա կը փոխէր իրադրութիւնը, սակայն Դաշնակցութիւնը թերահաւատ է այդ հարցին առնչութեամբ: «Երբ ամէն թեկնածու, խօսելով այդ մասին, նկատի ունի միաւորում հէնց իր շուրջ, ամէն ինչ անդունդն է գլորւում: Ես դեռ եւս չեմ տեսել մի թեկնածուի, ով պատրաստակամութիւն յայտնի հանել իր թեկնածութիւնը յօգուտ մէկ ուրիշի»:

Անոր համաձայն, «ընտրութիւններից յետոյ տեղաբաշխումներ կը լինեն, կը ձեւաւորուեն նոր կոալիցիաներ եւ քաղաքական միութիւններ»:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ մեղադրել՝ սուրիահայերը այդ երկրէն չտարհանելուն համար:

«Այս առումով, այնուամենայնիւ, այսօր դեռ մեր քաղաքականութեան հիմքում մնում է սիրիահայ գաղութը Սիրիայում ամուր պահելը՝ յոյս ունենալով, որ իրավիճակը մի փոքր աւելի խաղաղ կը դառնայ այնտեղ: Ամբողջութեամբ խաղաղ չի դառնայ շատ երկար ժամանակ, բայց առնուազն կեանքին ֆիզիկական վտանգ եթէ չլինի, դա արդէն հնարաւորութիւն կը տայ, որ սիրիահայերը կարողանան նորից վերականգնել կորցրածը»:

Վահան Յովհաննիսեան վկայակոչած է նախորդ ամիսներուն Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը՝ սուրիահայերուն օժանդակելու: Ան նշած է, որ եթէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու թիւը աւելնայ, ապա անոնց օգնելու իշխանութեան կարելիութիւնները կը նուազին:

Ըստ անոր, «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը ոչ թէ դրամ կը տրամադրէր Սուրիոյ բնակչութեան, այլ պարէնամթերք ու դեղորայք սկզբնական հանգրուանին, սակայն ներկայիս, Հալէպի օդակայանին փակ ըլլալուն պատճառով այդ մէկը կարելի չէ ընել։

Վահան Յովհաննիսեան աղքատութենէն աւելի կարեւոր կը նկատէ սուրիահայութեան անվտանգութիւնը։