Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Իր դիմումը ետ վերցնելու համար 24 ժամ ունի

Հայաստանի նախագահի թեկնածու, «Ազգային ինքնորոշում» միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը երէկ Կիրակի օր դիմեց Սահմանադրական դատարան՝ Փետրուար 18-ին որոշուած նախագահական ընտրութիւնները երկու շաբաթով յետաձգելու հարցով։

Հայրիկեանը Սահմանադրական դատարան ժամանեց ոստիկանական ինքնաշարժերու ուղեկցութեամբ: Ան ժամը 15։45ին դատարան մտաւ ու ներկայացուց իր դիմումը։

Նախապէս ան լրագրողներուն խօսելով յայտնեց թէ ժամանակին որոշած էր դիմում չներկայացնել, մտածելով որ արագօրէն պիտի ապաքինի, բայց, ինչպէս ցոյց տուաւ ժամանակը, ինքը սխալ էր: Ըսաւ որ մահափորձէն ետք հիւանդանոցի մէջ անցուցած 10 օրերը զինք ստիպեցին ետ մնալ քարոզարշաւէն, ինչ որ էականօրէն ազդեց իր վարկանիշի վրայ:

Ան հանդէս եկաւ նաեւ յայտարարութեամբ ուր կը շեշտէր թէ պատրաստ է իր դիմումը ետ վերցնելու միայն այն պարագային, եթէ յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին ընդդիմադիր թեկնածուները միաւորուին, խօսքը ուղղելով Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին եւ Հրանդ Բագրատեանին։

Դատարանի մէջ Պարոյր Հայրիկեան մօտ կէս ժամ մնաց։ Դուրս գալով, ան յայտնեց թէ իր դիմումը ընդունուած է։

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի խօսքով՝ այժմ դիմումը կը գտնուի ուսումնասիրման փուլի մէջ: