Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն Լ. Այվազեանի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի ռազմական կցորդ, փոխ գնդապետ Անտրէ Էվրայի կողմէ ստորագրուած է պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հայ-ֆրանսական գործակցութեան 2013ի ծրագրին առընչուող համաձայնագիր:
Ծրագիրը կը նախատեսէ Հայաստանի բանակի ուսանողներու եւ սպաներու կրթութեան ու վերապատրաստութեան դասընթացներ եւ փորձառութեան փոխանակում: