Հայաստանի նախագահի թեկնածուն «ուղղակի չուզեր շահարկել»
իր դէմ գործուած յարձակումը
Հայաստանի նախագահի թեկնածու, «Ազգային ինքնորոշում» միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը յայտնեց թէ պիտի չուզէր օգտուիլ իրեն վերապահուած իրաւունքէն եւ որոշած է չդիմել Սահմանադրական դատարան՝ Փետրուար 18-ի նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնները յետաձգելու պահանջով։ Այս հարցը հաղորդեց Հայրիկեանի փաստաբան Լեւոն Բաղդասարեանը։
Ի պատասխան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին թէ արդեօ՞ք մահափորձի հետեւանքով վիրաւորուած նախագահի թեկնածուն անյաղթահարելի խոչընդոտ չի՞ համարեր իր հետ տեղի ունեցածը, Հայրիկեանի նախընտրական շտապի պատասխանատուներէն Կարօ Եղնուկեանը յայտարարեց, թէ «սա անյաղթահարելի երեւոյթ է, ուղղակի նա չի ուզում շահարկել»։
Եղնուկեանը հաւաստիացուց նաեւ, որ Հայրիկեանի անձնական որոշումն է այս, եւ ո՛չ նախաագահ Սերժ Սարգսեանը, ո՛չ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը կամ իշխանութեան ոեւէ այլ ներկայացուցիչ որեւէ ձեւով ազդեցութիւն չեն ունեցած իր որոշման վրայ։
Պարոյր Հայրիկեանը, որ աւելի ուշ միացած է մամլոյ ասուլիսին, «յիմարութիւն» որակեց այն տեսակէտը, թէ իր այս որոշումը կրնայ գործարքի արդիւնք ըլլալ։ Ըստ Սահմանադրութեան, Հայաստանի նախագահի ընտրութիւնը երկշաբաթեայ ժամկէտով կրնայ յետաձգուիլ թեկնածուներէն մէկու համար անյաղթահարելի խոչընդոտներ առաջացած ըլլալու պարագային, իսկ նոր ընտրութիւն կը նշանակուի այդ խոչընդոտներու առկայութեան պարագային՝ նշուած երկշաբաթեայ ժամկէտը լրանալէ յետոյ՝ 40-րդ օրը:
ՎԱՐԿԱԾՆԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՄԱՄՈՒԼԻՆ
Ինչ կը վերաբերի մահափորձին ետին թաքնուած ուժերու մասին լսուող տարբեր կարծիքներուն ու վարկածներուն, հայաստանեան մամուլը կը գրէ, թէ իր կեանքի 17 տարին՝ ազգայնական գործունէութեան մեղադրանքով խորհրդային բանտերուն մէջ անցուցած նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանին վրայ կրակելը անկարելի է որ չըլլայ մտածուած գործողութիւն մը:
Ըստ «Հայկական ժամանակ»ին՝ «մտածող»ներու թեկնածուները երկու են՝ Ռուսաստանը եւ Արեւմուտքը:
Ռուսական վարկածը.- Եթէ Հայրիկեանը սպաննուէր, Սահմանադրութեան ուժով ընտրութիւնները ինքնաբերաբար չեղեալ կը յայտարարուէին, ինչ որ կը նշանակէր նոր ընտրութիւններ՝ նոր թեկնածուներով, նոր քաղաքական կացութեամբ: Իսկ ինչո՞ւ ատիկա անհրաժեշտ պիտի ըլլար Ռուսաստանին: Թերեւս Սերժ Սարգսեան բաւարար երաշխիքներ չէ տուած Մոսկուայի՝ Հայաստանը Եւրասիական միութիւն մտցնելու ուղղութեամբ, եւ Հայրիկեանի սպանութեամբ Սարգսեանի անարգել վերընտրութեան ծրագիրը փուլ կու գար, ՀՀԿ-ի ղեկավարը աւելի մեծ զիջումներ կատարելու կը ստիպուէր:
Արեւմտեան վարկածը.- Լրջօրէն կարելի է նկատի ունենալ այս վարկածը, եթէ Սերժ Սարգսեան Ռուսաստանին երաշխիքներ տուած է Եւրասիական միութեան կապակցութեամբ: Արեւմուտքը Հայրիկեանը սպաննելու քայլին կը դիմէր միայն այս պարագային: Նման քայլ առնուազն կը յետաձգէր Սերժ Սարգսեանի վերընտրութիւնը, եւ կարելի կը դարձնէր՝ Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններու բորբոքումը:
Հայրիկեանի անվտանգութիւնը ապահովող ոստիկաններէն մէկը արկածի ենթարկուած է. անոր վիճակը՝ կայուն ծանր
News.am կը գրէ, որ իր տեղեկութիւններու հիմամբ՝ Փետրուար 3-ին Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին ոստիկան 43-ամեայ Կոստիա Բուդաղեանը, արկած ունեցած է իր ինքնաշարժով: Ինչպէս յայտնի կը դառնայ, իր ինքնաշարժը հարուածած է մէկ այլ ինքնաշարժ մը: Արկածի հետեւանքով ոստիկանը տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ան բազմաթիւ կոտրուածքներ ստացած է: