Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը Հայաստան ապաստանած շուրջ 500 սուրիահայ ընտանիքներուն պարենամթերք պիտի տրամադրէ:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» շարժումի համակարգող Վահան Վարդանեանի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ շուրջ 12-13 թոն կազմող պարենամթերքը տրամադրած է «Հայկական քրիստոնեայ բժիշկների ասոցիացիան», իսկ ապրանքը պիտի ուղարկուի նաեւ Արցախ հաստատուած շուրջ 50 ընտանիքի:

Ընտանիքները, որոնց կը տրամադրուի օգնութիւնը, արդէն ցուցակագրուած են: «Պարենամթերքը բաղկացած է ամենատարբեր մթերքներից՝ ոլոռ, լոբի, բուսական իւղ, երշիկ, կարագ, շաքարաւազ, ջեմ, բրինձ»,- բացատրեց Վարդանեանը՝ ընդգծելով, որ ամէն ընտանիքի համար պատրաստուած են առանձին ծանրոցներ:

Անդրադառնալով Սուրիա դեղօրայք ուղարկելու հարցին՝ ան յայտնեց, որ Սուրիա օգնութիւն հասցնելը կը շարունակէ խնդիր մնալ՝ մեկնելով այն տուեալէն, որ դէպի Հալէպ թռիչքները դադրած են:

«Պայմանաւորուածութիւն ունենք «Սիրիական աւիաուղիների» հետ եւ առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում դեղօրայքը կÿուղարկենք»,- ըսած է նախաձեռնութեան համակարգող պատասխանատուն:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը այսուհետեւ պիտի փորձէ Սուրիայ ապրող հայերուն աջակցիլ նաեւ գումարով: