Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Առանց սահմանի թըղթակիցներ»ու կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամլոյ ազատութեան 2013ի ցանկը՝ ըստ երկիրներու:

Արդիւնքներէն կը պարզուի, թէ տարածաշրջանին մէջ Հայաստան առաջատարն է՝ կը գրաւէ 74րդ տեղը, Վրաստան՝ 100րդ է, Ատրպէյճան՝ 156րդ. իսկ Թուրքիա՝ 154րդ է, ընդհանուր 179 երկիրներու մէջ:

Ցանկին մէջ առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Ֆինլանտիան, Հոլանտան եւ Նորվեկիան: Ֆրանսան 37րդ դիրքի վրայ է, Իտալիան՝ 57րդ, Ռուսաստանը՝ 148րդ, Ղազախստանը՝ 160րդ, Թուրքմէնստանը՝ 177րդ: Վերջիններն են Հիւսիսային Գորէան եւ Էրիթրէան: