Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ընտրական օրէնսգիրքը ժամկէտ սահմանած է, որու վրայ որեւէ իրաւասութիւն չունի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը,- ըսած է ԿԸՅի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը։

Նախագահական թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ յարձակման հետեւանքով, դեռ յստակ չէ եթէ կը փոխուի թէ՞ ոչ ընտրութիւններու թուականը։ Թեկնածուի համար յառաջացած խոչընդոտները անյաղթահարելի ճանչնալու իրաւասութիւնը վերապահուած է Սահմանադրական Դատարանին, ընդգծած է ԿԸՅ նախագահը։

Հայրիկեանի դէմ մահափորձը շարքային յանցագործութիւն չէ

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը այցելած է   Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնը, սակայն չէ կարողացած հանդիպիլ եւ զրուցել Պարոյր Հայրիկեանի հետ, ժամի անյարմարութեան պատճառով։ Վիրաւորի առողջական վիճակի մասին պարբերաբար տեղեկութիւններ փոխանցուած են բժշկական կեդրոնի գլխաւոր բժիշկ Ա. Մինասեանի կողմէ:

ՀՅԴ պատգամաւորը յայտնած է թէ յարձակումը մտահոգիչ եւ դատապարտելի է: «Ակնյայտ է, որ նպատակ ունի՝ հանրապետութիւնում իրավիճակն ապակայունացնելու, եւ իրաւապահ մարմիններն ու ազգային անվտանգութիւնը պէտք է առաւելագոյնն անեն, որպէսզի կարողանան մեղաւորներին բացայայտել եւ բոլոր հանգամանքները ճշդել, որովհետեւ սա ազգային անվտանգութեան խնդիրն է, քանի որ շարքային յանցագործութիւն չէ, այլ յանցագործութիւն է նախագահի թեկնածուի հանդէպ: Փառք Աստծոյ Հայրիկեանի կեանքին վտանգ չի սպառնում, վիրահատութիւնը յաջող է անցել, եւ ես յոյս ունեմ, որ պարոն Հայրիկեանն արագ ոտքի կը կանգնի»,- yerkir.am-ին ըսաւ Աղուան Վարդանեանը:

Հայրիկեանի դրացիները տեսած են կրակողին

Սեւ վերարկու հագած անձի մը մասին կը յայտնեն Պարոյր Հայրիկեանի դրացիները, որոնք սակայն կ'ըսեն թէ մութ էր եւ յստակ չեն կրնար յարձակո անձի դիմագիծը ճշդել։ Անոնց մօտ բազմաթիւ անգամներ գտնուեցան լրագրողներ, սակայն հաղորդուած տեղեկութիւնները առայժմ քիչ են։

Կառավարական անձեր այցելեցին վիրաւորին

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական կառավարական անձերը որ այցելեցին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնը, ուր կը գտնուի Պարույր Հայրիկեանը ըրին որոշ յայտարարութիւններ։

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը տուած է Պարոյր Հայրիկեանին, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով։

 

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտնեց, որ որոշ ուժեր չեն ուզեր այն հասարակութիւնը եւ մթնոլորտը, որը ձեւաւորուուած է նախընտրական պայքարի ընթացքին: «Դա փոխադարձ յարգանքն է, փոխադարձ հանդուրժողականութիւնը, վստահելը մէկը միւսին: Այս շրջանակներում մենք պէտք է ցաւենք, որ մեր շարքերում դեռեւս կան նման ուժեր»,- նշեց պաշտպանութեան նախարարը:

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը նշեց, որ բոլոր թեկնածուները իրենց նախընտրական ծրագրերը փոխած են, չեղեալ յայտարեցին բազմաթիւ հանդիպումներ՝ միջադէպի հետ կապուած: «Կոնսուլտացիաներ տեղի կ'ունենան, որից յետոյ մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ բոլոր թեկնածուների համար հաւասար մրցակցային պայմաններ ստեղծուեն եւ որպէսզի նախընտրական փուլը չխաթարուի»,- ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ իշխանութիւնները ամէն ինչ կ'ընեն թեկնածուներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Վարչապետը տեղեկացուց, որ վիրահատութենէն ետք վերականգնման գործընթացը սպասումներէն աւելի արագ կ'ընթանայ: «Պարոյր Հայրիկեանի տրամադրութիւնը բաւական բարձր է, որովհետեւ ինքն էլ զգում է, որ վերականգնումը բաւականին լաւ ընթացքի մէջ է: Մենք վստահ ենք, որ շատ կարճ ժամանակահատուածում ինքն արդէն ոտքի կը կանգնի, եւ բժիշկները այդ առումով դրական գնահատականներ են տալիս»,- ըսաւ Սարգսեանը` աւելցնելով որ Հայրիկեանի ընտանիքի անդամներու հաւաստիացումներով ան անձնական թշնամիներ չէ ունեցած:

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամվէլ Բալասանեան իր եւ գիւղեցիներու անունով զօրակցութիւնը յայտնեց Պարույր Հայրիկեանի ընտանիքին անոր դէմ կատարուած մահափորձի առնչութեամբ՝ մաղթելով Հայրիկեանին արագ ապաքինում: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ քաղաքապետի մամուլի գրասենեակը տարածեց հաղորդագրութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուէր. «Ցաւով տեղեկացայ նախագահի թեկնածու Պարույր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձի մասին: Որպէս Գիւմրու քաղաքապետ՝ դատապարտում եմ կատարուածը եւ ակնկալում գործի շուտափոյթ բացայայտում: Կարծում եմ նաեւ, որ անկախ յանցագործութիւն կատարած անձի կամ անձանց շարժառիթից, միեւնոյն է, այս դէպքը մեզ յայտնի արտաքին ուժերը փորձելու են օգտագործել մեր պետութեան դէմ՝ սեւացնելով հանրապետութիւնում ընթացող նախագահի ընտրութիւնների նորմալ ու բնականոն ընթացքը: Սա նշանակում է, որ կատարուածը ուղղուած էր ոչ միայն Պարույր Հայրիկեանի անձի, այլեւ մեր պետութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ»:

 

Միջազգային լրատուամիջոցներր անդրադարձան Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձին

ՀՀ նախագահի թեկնածու, «Ազգային ինքնորոշում միաւորում» կուսակցութեան առաջնորդ Պարույր Հայրիկեանի վրայ կատարուած մահափորձը իր արձագանգը գտաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ միջազգային լրատուամիջոցները կատարուածը որակած են որպէս մտադրուած մահափորձ։

BBC-ն կը գրէ. «Հայրիկեանը ծանօթ է Խորհրդային տարիներէն եւ Փետրուար 18-ին կայանալիք նախագահական ընտրութեան թեկնածուներէն է։ Ան մի քանի տարի անցուցած է «խորհրդային ճամբարներում» եւ աքսորուած է՝ որպէս գաղտնի քաղաքական կազմակերպութեան անդամ եւ հակաիշխանական»։

Reuters-ը կը գրէ, թէ Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները կասկածի տակ են, քանի որ ՀՀ սահմանադրութեան 52 յօդուածի համաձայն, եթէ թեկնածուներէն որեւէ մէկը կարող չէ մասնակցիլ ընտրութիւններուն, ապա անոնք կը յետաձգուին երկու շաբաթով։ «Հայրիկեանին այցելեցին երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաները։ Ան հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ իր հարեւաններու օգնութեամբ, որոնք, լսելով կրակոցի ձայնը, զանգեցին ոստիկանութեան եւ շտապ օգնութեան ծառայութեան»,կը գրէ Reuters-ը։

The Washington Post-ը կը գրէ, որ նախագահի 63-ամեայ թեկնածուն հնարաւորութիւն ունի գալիք ընտրութիւններուն հաւաքել բաւականաչափ ձայներ։ «Ան Խորհրդային տարիներու այլախոհներէն է», կը նշէ The Washington Post-ը։

Aljazeera-ն եւս կը գրէ կատարուածի մասին՝ մէջբերելով ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի խօսքը՝ «Նրանք, ովքեր դա արել են, ցանկացել են ապակայունացնել իրավիճակը երկրում, սակայն չի յաջողուել», մէջբերեց Aljazeera-ն։

Ռուսական ԻՏԱՌ-ՏԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայրիկեանը մահափորձի օրը եղած էր իր նախընտրական կեդրոնը ուր հանդիպած է ընտրողներու հետ եւ ունեցած է մամուլի ասուլիս։ «Չնայած անոր, որ նախագահական մանդատը 5 տարի է, սակայն Հայրիկեանը յայտնած էր, որ պատրաստ է 2.5 տարի իրագործել իր ծրագրերը, ապա հրաժարական տալ», կը գրէ ԻՏԱՌ-ՏԱՍՍ-ը։

 

Հայրիկեանի հարազատներու պատմածները կþամբողջացնեն կատարուածի պատկերը

«Աստուած պահապան է Պարույր Հայրիկեանին».-դասական ուղղագրութեամբ գրութիւնը յայտնուեցաւ ՀՀ նախագահի՝ մահափորձի ենթարկուած թեկնածու, ԱԻՄ առաջնորդ Պարույր Հայրիկեանի facebook-եան էջին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ գրութիւնը յաջորդած է Հայրիկեանի յաջող վիրահատութեան: Ան արդէն վերակենդանացման բաժանմունքի հիւանդասենեակին մէջ է, տեսակցած են հարազատները: Դուստրը՝ Նարէ Հայրիկեանը, հիւանդանոցին մէջ գիշերուանէ հաւաքուածներուն փոխանցեց Պարույր Հայրիկեանի խօսքերը՝ «Շնորհակալութիւն, ամէն ինչ լաւ կը լինի»:

Նարէն, որ դէպքի պահուն տունն էր, որոշ մանրամասնութիւններ պատմեց: «Տանը նստած էի, ձայներ լսեցի, գնացի պատուհանի մօտ եւ տեսայ, որ հայրիկը մեքենայից իջել է եւ ուզում է մտնել շքամուտք: Այդ պահին նրա պայուսակը ձեռքից թռաւ»,-ըսաւ Հայրիկեանի դուստրը: Ըստ անոր խօսքերուն՝ ինքն օգնութեան կանչ է լսել, դուրս է եկել շքամուտք եւ տեսել, որ հայրիկը ինկած է: «Հարեւանները շտապօգնութիւն են զանգել, ժամանել են նաեւ ոստիկանները»,- ըսաւ ան, աւեցնելով, որ հայրը անձնական բնոյթի խնդիրներ չէր ունեցած:

Պարույր Հայրիկեանի քրոջ որդին՝ Վարուժան ՏԷր-Տրիբունեանը, դէպքէն մի քանի ժամ առաջ Հայրիկեանի հետ էր: «Մենք միասին գրասենեակում ենք եղել: Գրասենեակից դուրս եկանք, ինքը մենակ վերադարձաւ տուն: Ինձ յետոյ զանգեց նրա կինը եւ ասաց, որ արդէն հիւանդանոց են տեղափոխում»,- պատմեց Վարուժան Տէր-Տրիբունեանը՝ աւելցնելով, որ դէպքէն առաջ Հայրիկեանի նկատմամբ ոչ մէկ սպառնալիք չէր եղած: «Մենք միշտ էլ միասին էինք լինում գրասենեակում: Որեւէ մտավախութիւն ինքը չի ունեցել: Համարեայ ամբողջ օրը ես նրա կողքին եմ լինում եւ որեւէ կասկածելի բան չեմ նկատել»,-ըսաւ ան:

Դուստրն ու հարեւանները տեսած են անձ մը ետեւէն՝ սեւ վերարկուով, դէպքի վայրէն հեռանալու ժամանակ: