Կեանքը փրկուած է
Երէկ Հինգշաբթի կէս գիշերին, Երեւանի կեդրոնական թաղերէն՝ Տպագրիչներու փողոցին վրայ, իր տան շքամուտքին մօտ, հրազէնային կրակի ենթարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դրած, խորհրդային տարիներու քաղաքական բանտարկեալ, Ազգային ինքնորոշում միութիւն կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը:
Ուսին ստացած հրազէնային վնասուածքով Պ. Հայրիկեան նշուած վայրէն տեղափոխուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոց:
Բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արա Մինասեանը յայտնած է, որ այսօր վիրահատութեան պիտի չենթարկեն վիրաւորը: Բժիշկները հաստատած են թէ թոքերը չեն վնասուած եւ հիւանդի վիճակը կայուն է:
Մահափորձի առիթով յարուցուած է քրէական գործ. «Ետեւէն մօտեցան եւ կրակեցին» կը յայտնէ Նազարեանը
Հայրիկեանին տեսակցութեան գացած նախագահի թեկնածու Հրանդ Բագրատեանը ըսած է, որ հիւանդանոցին մէջ խօսած է Երեւանի ոստիկանապետ Ներսէս Նազարեանի հետ։ Նազարեանը Բագրատեանին տեղեկացուցած է, որ Պարոյր Հայրիկեանին կրակած են իքնաշարժէն իջնելու պահուն. ետեւէն մօտեցած ու կրակած են:
Դէպքի վայր ժամանած են Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանն ու Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Ներսէս Նազարեանը:
Պարոյր Հայրիկեանի դէմ ուղղուած մահափորձի դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական գործ, 34-305 յօդուածի յատկանիշներով:
Տուեալ յօդուածով կը սահմանուի պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի սպանութեան յանցափորձը, որ անձին դէմ կատարուած է՝ իր գործունէութիւնը դադրեցնելու նպատակով: Այս յօդուածի հիմամբ ամբաստանուած անձը կը պատժուի ազատազրկմամբ՝ 12-20 տարի ժամկէտով, կամ ցմահ:
Այս տեղեկութիւնները փոխանցուեցան ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանի կողմէ, որ նաեւ յայտնեց, որ նախաքննութիւնը կը վարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը: Ստեղծուած է նաեւ ոստիկանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան համատեղ քննչական խումբ:
Դատապարտումի ալիք
Մահափորձը հարուած էր իշխանութիւններուն եւ պետականութեան դէմ, լրագրողներուն խօսելով ըսաւ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: «Ես կարծում եմ դրդապատճառները կարող են բազմաթիւ լինել, բայց մի բան ակնյայտ է, առաջին հերթին սա հարուածում է իշխանութիւններին եւ պետականութեանը»,- ըսաւ ՀՀ վարչապետը: Տիգրան Սարգսեանը նշեց որ այս պահու դրութեամբ ամէնակարեւոր հարցը Պարոյր Հայրիկեանի առողջական վիճակն է: «Բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկւում են»,- հաւաստիացուց վարչապետը: «Բոլորիս իհարկէ զայրացնում է այն, ինչ որ տեղի է ունեցել եւ բոլոր միջոցները պէտք է ձեռնարկենք որպէսզի բացայայտենք մեղաւորներին»,- ըսաւ վարչապետը:
Բժշկական կեդրոն այցելեցին անմիջապէս ԱԺ նախագահ, ՀՀԿ նախագահի շտապի պետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ այլ քաղաքական դէմքեր: Աբրահամեանը դիտել տուած է, որ այս դէպքի լոյսին տակ չի բացառուիր ընտրութիւններու յետաձգման պարագան: ԱԺ նախագահը դատապարտած է դէպքը՝ նշելով, որ յանցագործութիւնը ուղղուած է ոչ միայն Հայրիկեանի, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։ «Սա սադրանք է, իսկ նպատակը իրավիճակն ապակայունացնելն է» ըսած է։
ԱԺ փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանովը եղածը որակած է բացայայտ սադրանք՝ նախեւառաջ ուղղուած իշխանութիւններուն դէմ:
Նախագահի ընտրութիւնները յետաձելու տարբերակը կը քննարկուի
Հայաստանի Հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգրքի 98-րդ յօդուածի երկրորդ կէտի՝ «Հանրապետութեան Նախագահի թեկնածուներից մէկի համար անյաղթահարելի խոչընդոտներ առաջանալու դէպքում Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւնը յետաձգւում է երկշաբաթեայ ժամկէտով: Անյաղթահարելի ճանաչուած խոչընդոտները չվերանալու դէպքում նշանակւում է նոր ընտրութիւն, իսկ քուէարկութիւնն անցկացւում է նշուած երկշաբաթեայ ժամկէտը լրանալուց յետոյ` 40-րդ օրը»: