Մ
ոսկուան լրջօրէն անհանգստացած է պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններէն, որ Ատրպէյճանի ՀՕՊ ուժերը հրաման ստացած են խոցելու ապօրինաբար իրենց օդային տարածք մտած քաղաքացիական օդանաւերը:
Իսկ այդպիսի տարածք Պաքուն կը համարէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկինքը։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir լրատուական կայքը յղում կատարելով ռուսական աղբիւրին։
Ռուսական աղբիւրի համաձայն ռուսաստանցի փորձագէտներու կարծիքով, Պաքուի նման դիրքորոշումը կրնայ յանգեցնել պատերազմի:
«Նման հնարաւորութիւն Պաքու ստացաւ, երբ հրաժարելով Իրանի հետ համապատասխան պայմանագրէն, 2010 թուականին ՌԴ այն ժամանակուայ նախագահ Տմիդրի Մետվետեւ Ատրպէյճանին վաճառեց ամենաժամանակակից եւ աշխարհի մէջ իր նմանը չունեցող «ֆաւորիթ» զենիթա-հրթիռային համակարգերու 2 տիվիզիոն»,- կը գրէ թերթը:
Պարբերականի՝ ՌԴ Պն-ի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ Կապալայի ռատիօտեղորոշիչ կայանի վարձակալման հարցով՝ Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ աղմկայարոյց բանակցութիւններու տապալումէն ետք ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին չեղեալ համարած է Ատրպէյճանին «ֆաւորիտի» երրորդ տիվիզիոնը վաճառելու մասին որոշումը:
ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան ՀՕՊ համակարգերու հարցով փորձագէտ սպան, չցանկալով ներկայանալ, թերթին պատմած է, որ «ֆաւորիտ»-ը երկու հրթիռով 100 տոկոս հաւանականութեամբ կրնայ խոցել մինչեւ 150 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող որեւէ թիրախ: «Այսինքն` քաղաքացիական որեւէ օդանաւ, որ կը յայտնուի Ղարաբաղի տարածքի մէջ, կ'ոչնչացուի «ֆաւորիտ»-ի կողմից»,- ըսած է ան:
Թերթը կը գրէ, որ ԶԼՄ-ները չեն նշեր, թէ երկու օր առաջ Հայաստան այցելած ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն քննարկա՞ծ է Ստեփանակերտի օդակայանի հարցը: Սակայն ՌԴ ՊՆ աղբիւրները յայտնած են, որ ոչ պաշտօնական մակարդակով ռուսաստանեան պատուիրակութիւնը յորդորած է օդակայանէն թռիչքները չսկսիլ...