Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի ՀՕՄ-ի մեկուսի մասնաճիւղը սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով այցելեց Կովսական, ուր կը բնակի սուրիահայերու 16 ընտանիք:

Ինչպէս տեղեկացուց Արցախի ՀՕՄ-ի մեկուսի մասնաճյուղի ատենապետուհի Կ. Դադայեանը՝ ՀՕՄ-ի վարչութիւնը մեկնելով իր սկզբունքներէն թէ բոլոր ժամանակներու մէջ պէտք է օգնութեան ձեռք երկարել դժուարութեան   մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն, վերջերս նախաձեռնած է Արցախ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ ընտանիքներու օգնութեան տարբեր ծրագիրներու, յատկապէս հոգալով այդ ընտանիքներու երեխաներուն. «Արցախում գորրծող բոլոր «Սօսէ» մանկապարտէզները մեծ ոգեւորութեմբ ողջունեցին մեր նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու այդ ծրագրին: «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշխատողների, մանկապարտէզների սաների եւ նրանց ծնողների համատեղ ուժերով պատրաստուել են ծանոցներ սիրիահայ ընտանիքների համար: Աշան գիւղում նոյնպէս գործում է «Սօսէ» մանկապարտէզ, սակայն այս ծրագրին մասնակցել է ոչ միայն մանկապարտէզը, այլեւ ամբողջ գիւղը» կը բացատրէ ՀՕՄուհի ընկերուհին:

Արցախի ՀՕՄ-ի մեկուսի մասնաճիւղը Կովսականի բոլոր երեխաներուն համար պատրաստած էր նաեւ անակնկալ նուէր մը. Շուշիի«Մ. Խանդամիրեանի» անուան թատրոնը երկու ներկայացումներով հանդէս եկաւ Կովսականի երեխաներուն համար:

ՀՕՄի օգնութեան ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ: