Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը՝ խորհուրդի ղեկավար Մանուէլ Բադալեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան քաղաքացիական ծառայութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս մարզի դերն ու նշանակութիւնը կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման տեսանկիւնէն՝ գոհունակութեամբ ընդգծելով երկու հայկական հանրապետութեանց համանուն կառոյցներուն միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնը: