Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Է. Նալբանդեանը ընդունեց ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան անդամներ՝ ԱՊՀ գործադիր քարտուղարի տեղակալ Վլատիմիր Գարկունի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերու ներկայութիւնը՝ նախարար Նալբանդեանը կարեւորեց ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հերթական անգամ Հայաստանի ընտրական գործընթացներուն ուշադրութեամբ հետեւելու համար:

Վլատիմիր Գարկունը բարձր գնահատեց դիտորդական առաքելութիւններու իրականացման համար ստեղծուած պայմանները եւ տեղեկացուց, որ ընտրութիւններուն պիտի հտեւի ԱՊՀ շուրջ 170 դիտորդ:

 

 «ՀՅԴ-ն Կոչ Պիտի Ուղղէ Անպայման Մասնակցելու Նախագահական Ընտրութիւններուն» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան երէկ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր համակիրներին կոչ պիտի ուղղէ անպայման մասնակցելու 18 փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն:

Այս պահուն, սակայն, Դաշնակցութիւնը առաջադրուած թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն սատարելու հիմքեր չի տեսներ: Եւ ընտրողներուն ու համակիրներուն ուղղուած ՀՅԴ-ի կոչը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ հետեւեալը‘ երթալ եւ ազատ քուէարկել, իսկ եթէ հրապարակի վրայ ոեւէ ցանկալի թեկնածու չեն տեսներ, քուէաթերթիկը անվաւեր դարձնել, քանի որ «բոլորին դէմ» քուէարկելու կարելիութիւն քուէաթերթիկին վրայ չկայ:

Ամէն պարագայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կոչ պիտի ուղղէ անպայման մասնակցելու քուէարկութեան, որպէսզի իրենց ձայնը չկեղծուի: Դաշնակցութեան մէջ տակաւին տեսական կարելիութիւն կը տեսնեն, որ մինչեւ քուէարկութեան օրը կրնայ իրադրութիւնը փոխուիլ, թեկնածուները միաւորուին եւ պոյքոթ յայտարարեն, կամ արտակարգ իրավիճակներ յառաջանան: ՀՅԴ-ն իր կոչը պիտի ուղղէ քուէարկութենէն երկու-երեք օր առաջ: