Փարիզի մէջ երէկ կայացած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իան Քելիի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Ժաք Ֆորի (Ֆրանսա) հանդիպումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին, հանդիպման մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի ներկայ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:
Միջնորդները նախարարներուն հետ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի եւ հոնկէ քաղաքացիական թռիչքներ կատարելու հարցը
Համանախագահները շարունակած են նախարարներուն հետ քննարկել խաղաղ հոլովոյթը առաջ մղելու աշխատանքային առաջարկները, որոնք կողմերուն ներկայացուած էին անցեալ տարուան Հոկտեմբերին: Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակած են փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման հաւանական տարբերակներուն վերաբերեալ ու վկայակոչած են 14 Ապրիլ 2011-ին եւ 13 Յուլիս 2012-ին կատարուած յայտարարութիւնները:
Նախարարներն ու համանախագահներն ընդգծած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կարեւորութիւնը՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ: Նախարարները նաեւ հաստատած են իրենց աջակցութիւնը տագնապին խաղաղ լուծման, յայտարարելով, որ պատրաստ են բանակցութիւնները շարունակելու: Նախարարներն ու համանախագահները համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթներուն շարունակել խաղաղ հոլովոյթին քննարկումը:
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին ատրպէյճանցի նախարարը անգամ մը եւս օրակարգի նիւթ դարձուցած է Արցախ հաստատուող սուրիահայերու հարցը եւ այդ կապակցութեամբ Պաքուի մտահոգութիւններ փոխանցած է՝ միաժամանակ պնդելով, թէ նման քայլերը «ապօրինի եւ անընդունելի են»: Մամետեարով ապօրինի նկատած է նաեւ Ստեփանակերտի օդանաւին գործունէութիւնը: