Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դասախօսութիւններ, համերգներ, պարգեւատրումներ եւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ ձեռնարկներ

Հայաստանի Զինուած Ուժերու կազմաւորման 21րդ տարեդարձին առիթով տօնական ձեռնարկներ տեղի ունեցան անցնող շաբաթավերջին։ Տօնական միջոցառումները կը շարունակուին այսօր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայկական համայնքներուն մօտ։

Այսօր բանակի 21րդ տարեդարձին առիթով նախատեսուած է այցելութիւն Եռաբլուր, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, ՀՀ ԶՈՒ բարձրագոյբն սպայակազմի ու ազատամարտիկներու մասնակցութեամբ։ Երեկոյեան՝ համերգ տեղի կ'ունենայ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահէն ներս։

Բանակի 21ամեակին առիթով հանդիսաւոր նիստ գումարուեցաւ, որուն ընթացքին Հայաստանի պետական ու գերատեսչական պարգեւներ յանձնուեցան: Ներկայ եղան ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը, ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը, ՀՀ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը հանդիսաւոր նիստի ընթացքին շնորհաւորելով բոլոր ներկայ զինուորականներուն, նշեց որ բանակային իւրաքանչիւր տարեդարձ՝ անցած տարիներուն վրայ հայեացք նետելու, յաղթանակներու, նուաճման, խաղաղութեան պահպանման գործին տարբեր ժամանակներու մէջ աւանդ ունեցած սպաներուն յիշելու, զինուորներու կատարածը իմաստաւորելու օրն է:

«Սա ոչ միայն զինուորական մասնագիտութիւն ունեցողների տօնն է, այլ նաեւ այն մարդկանց, ովքեր իրենց հնարաւորութեան սահմաններում օժանդակել են զինուորականներին: Սա զինամթերք բերող բեռնատարի վարորդի, վիրաւոր զինուորին օգնութեան հասնող բուժքոյրի, շինարարի, գործարաններում զէնք նորոգող բանուորի տօնն է: Բանակի օրը ողջ ժողովրդի տօնն է»,- ըսաւ Սէյրան Օհանեանը:

Պաշտպանութեան նախարարը յիշեցուց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը միայն պաշտպանութեամբ չեն զբաղիր. «ՀՀ ԶՈՒ-ն ունակ է անվտանգութիւն սփռել տարածաշրջանում եւ դրանից դուրս: Իսկ այս բանաձեւին մենք հասել ենք քսանամեայ մաքառումների, ներդրած ջանքերի, նուիրման եւ բարեխղճութեան շնորհիւ: Իրաւամբ եւ վստահութեամբ կարելի է ասել, որ սա մեր ժամանակն է: Մենք ստեղծել ենք բոլոր նախադրեալները, որպէսզի Զինուած ուժերի պատմութեան երրորդ տասնամեակը լինի հայկական բանակի հզօրութեան, հակառակորդների մշակած սին ծրագրերն ի դերեւ հանելու, խաղաղութեան ու անվտանգութիւնը պահպանելու տասնամեակ»,-շեշտեց պաշտպանութեան նախարարը, աւելցնելով, որ յառաջընթաց արձանագրուած է բանակէն ներս արատաւոր բարքերը արմատախիլ ընելու, հայրենասիրական դաստիարակութեան եւ նախազօրակոչային պատրաստութեան սիրոյն:

Հանդիսաւոր նիստի աւարտին ՀՀ պետական ու գերատեսչական պարգեւներ յանձնուեցան:

Նշենք, որ տօնական ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախատեսուած է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» գիրքի շնորհահանդէսի կայացումը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան հետ, պիտի ամփոփուին Հայաստանի պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, արտակարգ իրավիճակներու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութիւններու, Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ուղղութեամբ 2012ին կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքները:

Երէկ, բանակի 21ամեակին նուիրուած Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, որուն մասնակցեցան սփիւռքահայ բարձրաստիճան զինուորականներ: Հայաստանի զինուած ուժերուն նուիրուած գոհաբանական մաղթանքներ մատուցուեցան Հայաստանի զինուած ուժերու զօրամասերուն մերձակայ եկեղեցիներուն եւ զօրամասերու մատուռներուն մէջ:

Բոլոր ձեռնարկներուն մասնակից դարձան սփիւռքահայ բարձրաստիճան զինուորականներ. Ռուսիայէն՝ զօր. Նորատ Տէր Գրիգորեանցը, զօր. Վլադիմիր Չօբանեանը, զօր. Ռոման Յարութիւնովը, Լիբանանէն՝ զօր. Փանոս Մանճեանը, Չիլիէն՝ ծովակալ Հեռնան Կույումջեանը, Ֆրանսայէն՝ գնդապետ Ռուբիկ Գալստանեանը:

___________________________________

Բանակի օրուայ առիթով, բանակաշինութեան եւ զօրքերու մարտական պատրաստութեան ապահովման գործին մէջ մատուցած ակնառու ծառայութիւններու, հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերած արիութեան եւ  անձնական խիզախութեան համար, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ՀՀ զինուորականներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան մետալներով ու շքանշանով։