Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եալթայի մէջ կը կայանայ Միջազգային Սեւծոձեան Տնտետսական Ֆորումի հանդիպումը, ուր կը մասնակցին Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Մոլտովայի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի երկիրներու կառավարական-փորձագիտական շրջանակներու աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ:


Ըստ լրատուական վարչութեան փոխանցած տուեալներու՝ ֆորումի ծրագրին մէջ ներառնուած են Սեւծովեան երկիրներու տնտեսական զարգացման բնագաւառի հարցեր, ագրոարդիւնաբերական արտադրութեան մարզէն ներս համագործակցութեան հեռանկարի քննարկումներ, միջ-տարածաշրջանային եւ միջազգային բաժանմունքներու ստեղծման հարցեր, եւայլն: